2011-04-07 12:31:03

<<Կոչ մը Մարդու Սրտին>> այս է հիմնական նիւթը Մայր Մարիա Ռիթա Բիչչոնէի պատրաստած՝ 2011 տարւոյն Ճանապարհ Խաչի արարողութեան խորհդածութիւններուն՜


Կոչ մը Մարդու Սրտին, որպէսզի պատասխանատու հոգիով նայի աշխարհի պատահարներուն ու գիտակից զօրակցութիւն յայտնաբերէ անոնց հանդէպ։ Այս է 2011-ի Ճանապարհ Խաչի արարողութեան խորհդածութիւններուն կեդրոնական նիւթը որուն հեղինակն է Մայր Մարիա Ռիթա Բիչչոնէն` Ակոսդինեան փակեալ միաբանութեան մեծաւորուհին։ Իր խորհրդածութիւններուն մէջ, ան ուզած է նաեւ ձայն տալ մանկական աշխարհին որ շատ անգամ արհամարուած է, վիրաւոր եւ շահագործուած։
<< Յիսուս Գողգոթայ գնաց քալելով, ան իր ետին ձգեց հետքեր եւ մենք հրաւիրուած ենք այդ հետքերուն վրայ քալելու, կ՛ըսէ Մայր Մարիա Ռիթա Բիչչոնէն։
Հետեւելով Յիսուսին, մենք պիտի կարենանք յառաջանալ կեանքի իսկանական ճանապարհի վրայ։ Խաչի ճանապարհը դէպի փառք առաջնորդող ճանապարհ մըն է եւ առ այդ յոյսի եւ ուրախութեան պատգամ։ Այս խորհրդածութիւններով կը ցանկամ դառնալ միջոց մը որպէսզի Աստուծոյ խօսքը հասնի մարդու սրտին, ու կարենայ ըմբռնել այն ճշմարտութիւնը թէ Աստուած Յիսուս Քրիստոսի եւ Սուրբ Հոգիի միջոցաւ չի զլանար օգնութեան հասնելու մարդուն ։








All the contents on this site are copyrighted ©.